2009-12-18 12:49:03

Կլիմայի փոփոխութիւն` սկեպտիկներ եւ հակաճառողներ։


Կլիմայի փոփոխութիւն` սկեպտիկներ եւ հակաճառողներ։



Այս օրերուն 192 պետութիւններ կը մասնակցին ՄԱԿ-Ի կազմակերպած Քոփենհակընի գերաստիճանին։ Անոնց նպատակն է գոյացնել համաշխարհային նոր համաձայնութիւն մը, սահմանափակելու՝ երկրագունդէն արձակուող կազերու համեմատութիւնը եւ կասեցնելու՝ մարդկային արարքներու պատճառով յառաջացած կլիմայի փոփոխութիւնը։ Սակայն կարգ մը մեկնաբաններ, համոզուած չեն որ երկրագունդէն արձակուած կազերը, պատճառ կը դառնան ներկայ ժամանակներուն երկրգունդի ջերմացումին,կամ կ'ըսեն, թէ աշխարհը, իրականութեան մէջ, չի ջերմանար եւ թէ` նոր համաձայնագիր մը վնաս պիտի պատճառէ մասնաւորաբար աղքատ երկիրներուն տնտեսական աճին եւ բարօրութեան։ Ի՞նչ են անոնց վիճարկութիւնները, եւ գիտնականները ինչպէ՞ս կը հակաճառեն։ Պի պի սի գործակալութիւնը կը ներկայացնէ թեր ու դէմ կարծիքները։

Սկեպտիկները կ՝ըսեն- Գիտական գործիքները ցոյց կու տան, թէ երկրագունդին մակերեսը որոշ չափով ջերմացած է 1979-էն ի վեր։ Սակայն ջերմացումին ճշգրիտ չափը գտնելը ենթակայ է մեծ սխալներու։ Երկար ժամանակի վրայ հաւաքուած տեղեկութիւններու գլխաւոր աղբիւրը , երկրագունդի մակերեսին փոփոխութիւններուն հետեւող օդերեւութաբանական կեդրոններն են։ Անոնցմէ շատերը կը գտնուին քաղաքային շրջաններու մէջ, որոնք կ'ընդարձակուին եւ յաւելեալ ուժանիւթ կը սպառեն։ Երբ այս կեդրոնները կը նկատեն ջերմաստիճանի բարձրացում մը, անոնք պարզապէս կը չափեն քաղաքային ներքին ջերմացումի ազդեցութիւն մը։

Իսկ հակաճառողները կ՝ըսեն - Ջերմացումը անվիճելի է։ Ովկիանոսներու մակարդակի բարձրացումը, ձիւնի խաւերու նօսրացումը, հիւսիսային բեւեռի սառոյցին նուազումը, ցանքի եղանակին երկարաձգումը, օզոնի խաւը չափող փուչիկներու (պըլուն ռետիոսոնտ), գետնին տակ թաղուած գործիքներու եւ արբանեակներու հաւաքած տեղեկութիւնները՝ բոլորն ալ կը համապատասխանեն երկրագունդի մակերեսին փոփոխութիւնները արձանագրող օդերեւութաբանական կեդրոններուն դիտարկութիւններուն։

Յայտնենք թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հինգշաբթի օրը, ութը նոր դեսպաններ ընդունելով՝ անգամ մը եւս ընդգծեց ՜՜անհրաժեշտութիւնը բնութեան պաշտպանութեան՝՝ եւ խնդրեց ՜՜միջազգային պարտաւորիչ համաձայնագրութեան ստորագրութիւնը՝՝ մեծ պետութիւններու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.